• Հինգշաբթի, 21 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Լիբանանի Ս. Գրոց Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գործադիր տնօրէն դոկտ. Մայքլ Պասուսի այցելութիւնը։ Դոկտ. Պասուս Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուց ընկերութեան նորագոյն հրատարակութիւնը՝ «Սերտենք Նոր Կտակարանը» խորագրով։ Այս հատորը բաղկացած է հովուական նոթերէ Նոր Կտակարանի մասին, ընդհանուր խմբագրութեամբ լուսահոգի Գերպ. Պութրոս Ֆղալիի, զոր արաբերէնէ հայերէն թարգմանած է Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու, Օշական Արքեպիսկոպոսի վերահսկողութեամբ։
      On Thursday, August 21, Archbishop Anoushavan, Prelate, received the visit of Dr. Michael G. Bassous, General Secretary and CEO of the Bible Society of Lebanon. Dr. Bassous presented the Prelate with the new publication of the Bible Society, the Pastoral Notes of the Bible, edited by the late Mons. Boutros Feghali and translated from Arabic into Armenian by Very Rev. Fr. Sarkis Aprahamian, director of Ecumenical and Christian-Islam Dialogue for the Middle East of the Holy See of Cilicia, under the supervision of Archbishop Oshagan.