Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն աւելցաւ աշխարհահռչակ Քարնըկի Հոլի երգահանդէսը, կազմակերպութեամբ Արեւելեան Թեմին եւ կատարողութեամբ միջազգային բեմերու վաստակաւոր մեներգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեանի։
Երգչուհին կախարդեց բազմամարդ լսարանը հինաւուրց երգերու, աղօթքներու եւ օրօրներու իր մեկնաբանութեամբ։ Անոր կ՚ընկերակցէին երաժիշտներ Էլի Քոթ (տաւիղ), Ռէյ Ֆուրութա (սրինգ) եւ Մհեր Մնացականեան (դուդուկ)։
Երգահանդէսին յատուկ կերպով ներկայ գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը։
Երգահանդէսէն ետք, հիւրերու յատուկ սենեակի մը մէջ, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Իզապէլ Պայրագտարեանը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոր՝ վերյիշելով Պայրագտարեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ` Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ 2004ին, Վեհափառ Հայրապետը «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած էր երգչուհին` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ անոր կատարած հոգեւոր համերգին առիթով։On Thursday, November 13, the celebrations of the 30th anniversary of the enthronement of His Holiness Catholicos Aram I in the East Coast kicked off with the superb concert offered by celebrated soprano Isabel Bayrakdarian at the Carnegie Hall in New York, organized by the Eastern Prelacy. Archbishop Elpidophoros of the Greek Orthodox Church of America attended the concert, especially invited.
Isabel Bayrakdarian mesmerized the audience with her flawless interpretation of Armenian ancestral songs, prayers, and lullabies, accompanied by Ellie Choate (harp), Ray Furuta (flute), and Mher Mnatsakanyan (duduk).
After the concert, His Holiness Aram I met the artist and expressed his highly appreciation for her wonderful presentation. He recalled the Bayrakdarian family’s service to the Armenian Church from Lebanon to the United States. Isabel Bayrakdarian is the recipient of the Catholicosate’s Mesrob Mashdots Medal (2004)
