«Անհրաժեշտ է լայն տեղ տալ երիտասարդութեան հայ կեանքէն ներս։ Նոյն թելադրութիւնը յատուկ շեշտաւորումով կը կատարեմ, երբ մեր համայնքի պատասխանատուներուն ու երիտասարդներուն հետ հանդիպումներ կ՚ունենամ հովուապետական այցելութիւններուս ընթացքին: Նոյն թելադրութիւնը կը կատարեմ, որովհետեւ կը զգամ ու կը տեսնեմ, որ տակաւին մեր երիտասարդութեան անհրաժեշտ տեղ ու դեր չէ տրուած մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Անոր կարիքը հրամայական է, յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ: Մեր երիտասարդները կոչուած են իրենց ունեցած մասնագիտութեամբ եւ ներկայ աշխարհը դիտելու իւրայատկութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերելու մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներու կեանքին», շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ազգային Առաջնորդարանին կազմակերպած երիտասարդական հաւաքին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին։ Հաւաքին բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Լագիսեան, եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մեթրԱրմէն Մորեան։ Հանդիպումը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ մշակութային կարճ յայտագիր մը, վարեց օր. Թամար Քանարեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի։
Նորին Սրբութիւնը լայն ժամանակ ու առիթ տուաւ, որպէսզի երիտասարդները իրենց հարցումները ուղղեն իրեն: Հարցումները ընդգրկեցին եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայու ինքնութեան, հայ դատին, Արցախին ու Հայաստանին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ:
