• Ուրբաթ, 14 Նոյեմբերի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն մը նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան եւ օծման 30 ամեակին: Հանդիսութեան ներկայ էին Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի ծառայող ազգային մարմինները, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները, հոգեւոր դասը եւ մեծ թիւով ազգայիններ:
      Գլխաւոր բանախօսներն էին Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) հոգեւոր հովիւ ու Կրօնական ժողովի ատենապետ: Հայր Հրանդ իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան աւելի քան 50ամեայ վաստակին միջ-եկեղեցական կալուածին մէջ, իսկ Հայր Պօղոս կեդրոնացաւ Վեհափառ Հայրապետի հայ կեանքէն ներս ունեցած ներդրումին վրայ:
      Տեղւոյն Համազգայինի «Արեգակ» երգչախումն ու պարախումբը ծաղկեցուցին հանդիսութիւնը: Ելոյթ ունեցան նաեւ Մելիսա Գոհար Աթոյեան (ջութակ)՝ ընկերակցութեամբ Մարկարիթա Ֆերմաճեանի (դաշնակ), եւ Արա Տինքճեան (ուտ)։ Ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան նուիրուած կարճ տեսերիզ մը։
      Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, իր սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը առաջնորդեց փոթորկալից եւ ամեհի պայմաններէն դէպի խաղաղ ու բարգաւաճ ափեր։ Ան իր խիզախ ու յանձնառու կեցուածքով Անթիլիասի ոգին ցոլացուց եւ զայն իր հարազատ տարազով կը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն:
      Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական օրհնութեան խօսքին մէջ ի մասնաւորի ըսաւ. «Հայրապետական գահակալութեան 30 տարիները կարելի է խտացնել մէկ բառի մէջ.- ծառայութիւն: Ծառայութիւն մը, որ իրագործուեցաւ նուիրումով, յանձնառութեամբ, հաւաքական հաւատքով ու հետեւողական ճիգով: Այդ ծառայութիւնը, Աստուծոյ օրհնութեամբ, մէկ նպատակ ունէր՝ ազգը, Հայրենիքը ու եկեղեցին: Յաճախ կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Անթիլիասը վայր մը չէ, այլ ծառայութիւն է: Անթիլիասի հզօրութեան աղբիւրը ժողովո՛ւրդն է, իսկ ծառայութեան դաշտը դարձեալ ժողովուրդն է: Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ, Անթիլիասը Վեհափառին, միաբանութեան եւ բոլոր մարմիններուն կողմէ կը ծառայէ»:
      Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով: