• (English below)
      Ուրբաթ, 14 Նոյեմբերի առաւօտուն, Արեւելեան Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներու համագումար մը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջած էր առանձին զրոյց ունենալ թեմիս հոգեւոր հայրերուն հետ։
      Բացմաբ խօսքը կատարեց եւ օրուան դասախօսը ներկայացուց Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) , իսկ համագումարը վարեց Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան։ Որպէս դասախօս հրաւիրուած էր Ֆորտհէմ համալսարանէն դոկտ. Ֆրանսիս ՄըքԱլուն, որ ներկայացուց հոգեւորականի կոչումին ու հովուական ծառայութեան յատկանշական երեսները, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն ամերիկեան ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին:
      Համագումարին իր խօսքը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ «հոգեւորականի կեանքը իր էութեամբ ծառայութիւն է. անոր գործը ծառայութիւն է, ճամբան ծառայութիւն է, մտածումներն ու ծրագրումները ուղղուած են միայն ծառայութեան: Հոգեւորականը իրաւունք չունի իր անձին նեղ պարունակին մէջ մնալու ու ապրելու միայն իր անձին համար, այլապէս հոգեւորականին կոչումը կը դադրի իսկական կոչում ըլլալէ ու կը վերածուի պարզապէս արհեստի՝ դառնալով արհեստաւոր կամ պաշտօնեայ: Հոգեւորականը «պիզնէս»ի հասկացողութեամբ պէտք չէ մօտենայ իր ծառայութեան, ո՛չ ալ ուրիշներ՝ ըլլան անոնք վարչութիւն, հոգաբարձութիւն կամ ժողովուրդ։ Հոգեւորականը սոսկ գրասենեակի պաշտօնեայ չէ: Անոր աշխատանքը որոշ ժամու սկսող ու աւարտող պէտք չէ ըլլայ: Ան 24 ժամ պատրաստ պէտք է ըլլայ իր ժողովուրդին, ինչպէս բժիշկը: Չմոռնանք, որ հոգեւորականը հոգեւոր բժիշկ է՝ հոգիներու առողջութեան ու փրկութեան նուիրուած: Դժբախտաբար, ներկայ ժամանակներուն, հոգեւորականի այս հասկացողութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել քիչ մի ամէն տեղ: Նման դասախօսութիւններ կամ յօդուածներ կը դառնան ձեւական, երբ անոնք յիշեցում ու մարտահրաւէր չեն դառնար հոգեւորականներուն համար»:
      Ուսման անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Բնականաբար, ուսումը կարեւոր է: Միաբան հայրերը շատ լաւ գիտեն, որ ես ուսումը քաջալերած եմ: Սակայն զգո՜յշ, ուսումը գերիվեր պէտք չէ դառնայ յարաբերաբար մեր ծառայութեան. ուսումը պէտք չէ ի հեճուկս մեր հոգեւոր ծառայութեան դառնայ առաջնահերթ: Մեր ժողովուրդը մեր հոգեւորականներէն կը սպասէ, որ անոնք ծանօթ ըլլան ներկայ աշխարհի խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն ու զարգացումներուն: Վերջին հաշուով ո՛չ եկեղեցին եւ ո՛չ ալ հոգեւորականը ինքնակղզիացած կերպով կ՚ապրին. անոնք ընկերութեան մաս կը կազմեն: Հոգեւորականը կոչուած է ինքզինք մնայուն ուսման ընթացքին մէջ տեսնելու, այլ խօսքով, հարկ է որ ինքզինք միշտ ուսանող նկատէ: Միայն համալսարան երթալով կամ վկայականներ առնելով ուսանող կամ մտաւորական չենք դառնան: Ինծի համար վկայականները ո՛չ մէկ արժէք ունին, երբ անոնք ծառայութեամբ չեն թարգմանուիր: Վկայականները պատէն կախելու եւ մեր կենսագրութիւնները զարդարելու համար չեն, այլ անոնք յիշեցումներ են՝ թէ՛ մեր կատարած աշխատանքին եւ թէ՛ մանաւանդ կատարելիք ուսումնական աշխատանքներու գծով: Իմ սպասումս է, որ մեր հոգեւորականները, ներկայ թէ բացակայ, այս գիտակցութեամբ կարեւորութիւն տան ուսման»:
      Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց կարք մը գործնական քայլեր, որոնք անհրաժեշտ են նոր քահանաներ պատրաստելու աշխատանքներուն:
      Համագումարէն ետք, Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ, հոգեւորականները միասնաբար սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան։

      On Friday, November 14, His Holiness Catholicos Aram I presided over a conference of Eastern Prelacy clergy at Sts. Vartanantz Church (Ridgefield, New Jersey). His Eminence Archbishop Anoushavan, Prelate, welcome His Holiness and thanked him for creating the opportunity to have a conversation with the clergy.
      Rev. Hrant Kevorkian, Pastor, St. Sarkis Church (Dearborn, Michigan), gave opening remarks and introduced the lecturer, Dr. Francis McAloon (Fordham University). Very Rev. Fr. Boghos Tinkjian, Pastor, St. Gregory the Illuminator Church (Philadelphia, Pennsylvania), and Religious Council chairman, led the conference. Dr. McAloon presented the main aspects of religious vocation and pastoral service, especially in light of the challenges confronted by American society in current times. The lecture was followed by a Q & A session.
      In his message to the conference, His Holiness reminded the presents that “the life of the ecclesiastic is essentially one of service: his work is service, his road is service, his thoughts and plans are only directed toward service. The ecclesiastic has no right to keep himself in his own narrow frame and live only for himself; otherwise, his vocations ceases to be a true vocation and becomes a simple craft, turning himself into an artisan or an employee.” With reference to education ,he noted: “Education is naturally important. Brotherhood members know very well that I have fostered education. But we must be careful: education cannot overcome service; education cannot become a priority at the expense of our spiritual service. (…) For me, diplomas have no value when they do not translate into service.” Afterwards, Catholicos Aram I suggested various practical steps needed to prepare new priests.