Կիրակի, 16 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց ու պատգամ յղեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) ։ Ս. Պատարագը մատուցեց Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան միաբան ու հոգեւոր հայրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Հայրապետական պատգամէն առաջ ողջոյնի խօսք ըսաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Ան բարի գալուստ մաղթելով Հայրապետին, իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց ու այցելութիւնը պատմական որակեց։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին նիւթ ընտրած էր Քրիստոսի հետեւելու հրամայականը: Քրիստոս Իր ուսուցումներուն, պատգամներուն ու հրաշքներուն ճամբով պարզած էր Իր առաքելութեան նպատակը։ Ան մարդացած էր մեղքի տիղմին մէջ մխրճուած մարդուն փրկութեան համար եւ ցոյց տուած անոր տանող ճամբան. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6)։ Քրիստոս կոչ ուղղած է իր աշակերտներուն, թէ ով որ Իր ըսածներուն հաւատայ՝ իր անձը թող ուրանայ, խաչը առնէ ու Իր ետեւէն երթայ, ինչ որ այսօր եկեղեցւոյ ճամբով բոլոր քրիստոնեաներուն ուղղուող պատգամն է։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը շարունակեց՝ պարզելով Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդ դառնալու միջոցները. «Եկէք հարց տանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հետեւիլ Քրիստոսի.
ա) Կը նշանակէ Քրիստոսը նկատել մեր կեանքի ճամբան՝ աշխարհի բոլոր ճամբաներուն մէջէն։
բ) Կը նշանակէ Քրիստոսը դաւանիլ որպէս միակ ճշմարտութիւնը մեր կեանքին՝ մեզ շրջապատող բազմազան ու բազմաթիւ ճշմարտութիւններուն մէջէն։
գ) Կը նշանակէ Քրիստոսը ապրիլ իբրեւ մեր կեանքին առանցքն ու նպատակը։
«Սակայն երբեք չմոռնանք, որ Քրիստոսի հետեւելու պայմանը խաչը առնել է. այլ խօսքով՝ խաչի ճամբով քալել է։ Խաչը նշան է սիրոյ, զոհողութեան ու ինքնընծայումի։ Դիւրին չէ քրիստոնեայ ըլլալ, դիւրին չէ մանաւանդ Քրիստոսի հետեւիլ։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է ապրինք մեր կեանքը»։
Վեհափառ Հայրաետը իր պատգամի անգլերէն ամփոփումով աւարտեց իր խօսքը։
