Կիրակի, 16 Նոյեմբերին, Լոնկ Այլընտի «Կարտըն Սիթի» պանդոկին մէջ, Արեւելեան Թեմը մեծաշուք հանդիսութեամբ նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 30 ամեակը։
Ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսըն՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի, Արամ Համբարեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Նեկտարիոս եպիսկոպոս՝ Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն, եւ ծիրանաւոր Կապրիէլէ Գաչիա՝ Վատիկանի մշտական ներկայացուցիչ ՄԱԿի մէջ, շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ երգչուհիներ Անոյշ Պարքլիի, Յուշեր Պզտիկեանի եւ Քարինա Վարդանեանի, եւ ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան նուիրուած տեսերիզ մը։
Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յղեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան ի մասնաւորի ըսաւ. «Նման առիթներ ո՛չ միայն կը յիշեցնեն կատարուած գործը, այլ նաեւ ու մանաւանդ կատարուելիքը: Անցեալին նայիլ կը նշանակէ ճիշդ կերպով ծրագրել ապագան: Երբ կը փորձենք մեր Սուրբ Աթոռին անցնող 30 տարիներու կեանքին ու առաքելութեան արժեւորումը կատարել, վստահաբար պիտի տեսնենք, թէ հսկայ գործ է կատարուած, եւ այդ գործը առաքելութիւն է ու ծառայութիւն՝ Աստուծոյ փառքին, մեր Հայրենիքին, ազգին ու եկեղեցւոյ համար: Ա՛յս է Անթիլիասի առաքելութեան ճամբան ու նպատակը: Այդ առաքելութեան մաս կը կազմեն մեր միաբաններ հայրերը, ժողովականներն ու մեր թեմերը։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու մարդուժի պատրաստութիւնը պիտի դառնան գլխաւոր մարզերը մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութեան»:
