(English below)
Թալին Մոնահընի “Meet the Cartozians” թատերախաղը սկսաւ ներկայացուիլ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան ծայրէ ծայր լեցուն սրահի առջեւ։ Ժողովրդային արտակարգ յաջողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ներկայացումները երկարաձգուին մինչեւ 14 Դեկտեմբեր։ 1925-ին, Օրեկընի դաշնակցային դատարանը վճռած է, որ Փորթլընտի բնակիչ Թադոս Գարթոզեան սպիտակ ցեղին կը պատկանէր եւ իրաւունք ունէր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դառնալու, ինչ որ ապահովեց այդ իրաւունքը ամբողջ ամերիկահայութեան։ Պատմական այդ դէպքին անդրադարձող թատերախաղը կ՚ընթանայ երկու ժամանակներու մէջ՝ 1924 եւ 2024։ Դերակատարները համոզիչ ու տպաւորիչ խաղարկութիւն կը ցուցաբերեն, հանդիսատեսը մխրճելով պատմական տրամի եւ սպաննիչ երգիծանքի ճարտարօրէն հիւսուած համադրութեան մը մէջ։On the hundredth anniversary of the federal court decision that recognized Tatos O. Cartozian as white and entitled him to U.S. citizenship, Talene Monahan’s play “Meet the Cartozians” has enjoyed a six-week run off-Broadway with sold-out performances by a solid and versatile cast and unanimous praise in the press, leading to an extension through December 14. A witty combination of historical drama and scorching satire set in both 1924 and 2024, it pulls back the curtain on a startling chapter of American and Armenian American history you may have never heard of.
