• Ուրբաթ, 4 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան արեւելեան շրջանի նորընտիր Կեդր. Կոմիտէի հերթապահ տիկ. Անի Չաղլասեան եւ անդամ Կարօ Թաշճեանի այցելութիւնը։ Սրբազան Հայրը եւ հիւրերը լայն կերպով քննարկեցին արեւելեան շրջանի գաղութներու ներկայ վիճակը, երիտսարդութիւնը ներգրաւելու գնահատելի ջանքերը, ինչպէս եւ հայութիւնը շահագրգռող ընդհանուր հարցեր սփիւռքեան կեանքէն ներս։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Կ.Կ.ի եւ պատկան բոլոր մարմիններուն ցուցաբերած գործակցութեան ոգին, առաջադրելով նորանոր ծրագիրներու իրագործումը՝ խորացնելու մեր արմատները շրջանէս ներս եւ օժանդակելու Հայրենիքի եւ միջին արեւելեան գաղութներու հզօրացման եւ յառաջդիմութեան։