• Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մհեր Մարգարեանը, որ յետ եօթնամեայ ծառայութեան կ՚աւարտէ իր պաշտօնավարութիւնը շրջանէս ներս։ Մեծարգոյ դեսպանը իրազեկ դարձուց Սրբազան Հայրը անցնող ճակատագրական հինգ տարիներուն հայ ժողովուրդին դիմակալած ծանր կացութեան եւ դիւանագիտական շրջանակներու մէջ լուծումներ գտնելու տենդագին աշխատանքին մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց մեծարգոյ դեսպանին տարած բոլորանուէր ծառայութեան համար ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար դատի պաշտպանութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ապագայ գործունէութեան մէջ։