Ուրբաթ, 11 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, ընդունեցին Լոս Անճելըսի «Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս» վարժարանի 8-րդ դասարանի 53 աշակերտները, իրենց վեց ուսուցիչներով եւ պատասխանատուներով, որոնք եկեղեցին այցելեցին իբրեւ մէկ մասը իրենց շրջանաւարտից ճամբորդութեան դէպի արեւելեան շրջանը։ Անոնց կ՚ընկերանային Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի 8-րդ դասարանի 9 աշակերտները, իրենց ուսուցիչին՝ տիկ. Հերա Մախուլեանի (Առաջնորդարանիս Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն) հետ։