Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց այցելութիւնը Արցախի նախկին պետական նախարար եւ նախկին մարդկային իրաւանց պաշտպան Արտակ Բէգլարեանի, որուն կ‘ընկերանար օր. Նինա Շահվերդեան: Ներկայ էր նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի հարցին եւ արցախահայութեան հետ կապուած հարցեր: