• Ուրբաթ, 13 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, որոնք կը մասնակցէին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերուն, առանձին հանդիպում մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան մեր Թեմին հետ առնչուող հարցեր եւ Վեհափառ Հայրապետը կատարեց անհրաժեշտ թելադրանքներ։

      On Friday, June 13, His Eminence Archbishop Anoushavan, Prelate, and Col. Aram Sarafian, Prelacy’s Executive Council chairman, who were participating in the plenary sessions of the Religious and Lay Councils of the Central Executive Council of the Catholicosate of the Great House of Cilicia, met with His Holiness Catholicos Aram I and discussed issues related to the Eastern Prelacy.